ՀՄՄ ՊԷՅՐՈՒԹ ԿՈՉ Կ'ՈՒՂՂԷ ԱՉԱԼՐՋՈՒԹԵԱՆ

ՀՄՄ ՊԷՅՐՈՒԹ ԿՈՉ Կ'ՈՒՂՂԷ ԱՉԱԼՐՋՈՒԹԵԱՆ
shadow
Չորեքշաբթի, 2 Ապրիլ 2025-ի երեկոյեան ժամը շուրջ 10-ին, երկու դիմակաւոր անձեր մոթորսիքլէթով մուտք գործած են Խալիլ Պատաուիի ՀՄՄ Պէյրութի ակումբին թաղը եւ կրակելէ ետք անմիջապէս դիմած փախուստի

Homenmen Beirut Sportive Association

ՀՄՄ ՊԷՅՐՈՒԹ ԿՈՉ Կ'ՈՒՂՂԷ ԱՉԱԼՐՋՈՒԹԵԱՆ

Չորեքշաբթի, 2 Ապրիլ 2025-ի երեկոյեան ժամը շուրջ 10-ին, երկու դիմակաւոր անձեր մոթորսիքլէթով մուտք գործած են Խալիլ Պատաուիի ՀՄՄ Պէյրութի ակումբին թաղը եւ կրակելէ ետք անմիջապէս դիմած փախուստի։ Նմանօրինակ պատահար մը չէր արձանագրուած երկար ժամանակէ ի վեր: Շրջանի ՍԴՀԿ Աղասի մասնաճիւղի ընկերները ՍԴՀԿ Լիբանանի շրջանի Վարիչ Մարմինի թելադրանքով շատ արագ կապ հաստատած են ապահովական մարմիններուն հետ։ Բարեբախտաբար, ակումբին առջեւ գտնուող մեր պատանիները եւ երիտասարդները հրաշքով մը փրկուած են արձակուած փամփուշտներէն։ Պետական անվտանգութեան կառոյցներու ներկայացուցիչներ անմիջապէս ժամանելով հետաքննութիւն բացած են՝ պարզելու այս խիստ մտահոգիչ միջադէպին ծալքերը։ Աղասի մասնաճիւղին կողմէ ընկերներ պահակութիւն կատարելով եւ ապահովական մարմիններուն հետ անմիջական կապ հաստատելով կը շարունակեն հսկել թաղամասը։ ՀՄՄ Պէյրութի վարչութիւնը շրջանի բնակիչներուն կոչ կ'ուղղէ աչալուրջ ըլլալ եւ անհրաժեշտութեան պարագային կապ հաստատել ՍԴՀԿ Աղասի մասնաճիւղի պատասխանատուներուն հետ։

Related to category Socialism

Related to subcategory Social Democrat Hunchakian Party

Comment on Facebook

Comment on Disqus